2017-03-11 12:25:00

Հալէպի մէջ նոր ծրագիր`գաղթականները իրենց բնակարանները վերադարձնելու համար։


(Ռատիօ Վատիկան)  Վատիկանի  ՝՝Օսսերվաթորէ Ռոմանօ՝՝ օրաթերթին մէջ լոյս տեսած է Հալէպի Յոյն Մլքիթներու Արքեպիսկոպոս՝ Գերապայծառ Ժան Քլեման Ժանպարդի մէկ յայտարարութիւնը,  որուն մէջ ան խօսած է  Հալէպի ներկայ կացութեան  մասին նշելով, թէ հալէպի քաղաքական վիճակը  հետզհտէ  կը լաւանայ , սակայն՝ տակաւին կայուն եւ յարատեւ  խաղաղութեան մը համար կայ  անհրաժեշտ ապահովութեան պակասը։

Յայտարարութեան մէջ Մելքիթներու առաջնորդը դրական կերպով արտայայտուած  է Հալէպի ներկայ իրավիճակին մասին , սակայն՝  մտահոգութիւն յայտնած է խմելիք ջուրի պակասի նկատմամբ, հրամայական համարելով այս մէկը` իրենց օճախներէն հեռացած ժողովուրդին  իրենց բնակարանները վերադառնալու համար։

Մելքիթներու առաջնորդը  ձեռնարկած  է ՝՝Հալէպը ձեզ կը սպասէ՝՝ ծրագիր մը­,  որուն նպատակն է գաղթականները  իրենց բնակարանները վերադարձնել,  սակայն այս մէկը իրականացնելու համար կարիքը կայ  նաեւ քաղաքական անձնաւորութիւններու յանձնառումին,  որովհետեւ հարցերը բազմաթիւ են,  սկսեալ դպրոցներէն, առողջապահական կառոյցներէն ու աշխատանքի պակասէն…

Գերապայծառ Ժան Քլեման Ժանպարդիի  միակ եւ գլխաւոր  մտածումն է  համերաշխութիւնը։ ՝՝Առանց համերաշխութեան կարելի չէ ոչ մէկ քայլ կատարել'' ըսած է Մելքիթներու առաջնորդը,  մտավախութիւն  յայտնելով Սուրիոյ տարածքին վրայ ներկայ օտարականներու նկատմամբ, որոնք վարձկաններ են ու երբեք չեն  հետաքրքրուած երկրի խաղաղութեամբ։

'' Անոնք  օտարականներ  են եւ  շահագործուած  միջազգային եւ տարածաշրջանի  իշխանութիւններու կողմէ՝՝  ըսած է Մելքիթներու առաջնորդը յայտնելով,  թէ   Սուրիացի ժողովուրդի 80 առ հարիւրը կը հաւատայ համերաշխութեան եւ խաղաղութեան կերտումին, հարկաւոր համարելով նաեւ  բոլոր  օտարականներու քաղաքէն   դուրս ելլելը ,  որպէսզի սպառնալիք չդառնան  համերաշխութեան ու խաղաղութեան կերտումին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.